Տարուան Փորձառութիւն
Ընտանիք
Հիմնարկ
Հաստատութիւն
«Ճանթեմիր Ժառանգի Հետազօտական Ընկերութիւն»-ը
Ունենալով 20 տարուան փորձառութիւն , ինչպէս նաեւ տարբեր ճիւղերու մասնագէտ փորձագէտներ, կ՚իրականացնենք ժառանգի հետազօտութիւնը ամբողջական ձեւով՝ Օսմանեան կայսրութենէն մինչեւ Հանրապետութիւն : Ուրեմն, ընտանիքներուն իրաւունքները վերադարձնող ժառանգի հետազօտական ընկերութիւն մըն ենք:
Հարցերու
Արագ Լուծում
Բազմամասն
ագիտական
Աշխատանք
Փորձառու
Յանձնակազմ
Որակի
Կարեւորութիւն
Արդիւնաւէտ
եւ տեւական
Հաղորդակցութիւն
Բծախնդիր
Աշխատանք
Իւրաքանչիւրին
Ներկայացնել Իւ
րայատուկ
Ծրագիր
Թափանցիկութիւն
Փորձառութիւն
Վստահութիւն
Miras, bir kişinin vefatından sonra geride bıraktığı tüm mal varlıklarının, hak ve borçlarının toplamıdır. Miras, kanuni mirasçılara ve/veya vasiyetnamede belirtilen kişilere geçer.
Miraslarda sıkça görülen;
Miras araştırmaları, bir kişinin vefatından sonra geride bıraktığı mirasın kapsamını ve mirasçıların kimler olduğunu belirlemek için yapılan çalışmalar bütünüdür. Mirasın bölüşülmesi anne ve babanın da bölüşümü olduğu için bu sürecin maddi olduğu kadar manevi yönleri de bulunmaktadır. Cantemir Miras Araştırmaları ekibi olarak mirasınızın çözümü sürecinde aile içi psikolojik süreçlere de eşlik etmeye çalışıyoruz.
Miras araştırmaları;
Söz konusu araştırmalar aile geçmişi, nüfus kayıtları, tapu kayıtları, verasetnameler gibi çeşitli kaynaklardan yararlanılarak yapılır. Miras araştırmalarında gayrimenkul, hukuk ve tarih gibi farklı alanlarda uzmanlık gereklidir. Bu konuda tek bir disiplinde ilerlemek sorunların çözümünü geciktirebilir ve hak kayıplarına yol açabilir.
Ժառանգը՝ անձի մը մահէն ետք մնացած բոլոր ունեցուածքի, իրաւունքներու եւ պարտքերու հանրագումարն է: Ժառանգը կ՚անցնի կտակին մէջ նշուած օրինական ժառանգորդներուն եւ կամ անձերուն:
Ժառանգի պարագային յաճախ տեսնուած հարցեր՝
Չլուծուող խնդիրներ կը դառնան ժառանգի հիմնական հարցեր:
Ժառանգի հետազօտական աշխատանքը կ՚ուսումնասիրէ մահացող անձի մը ձգած ժառանգին ծաւալը, նաեւ կը հաստատէ ժառանգորդներուն ովքեր ըլլալն ու անոնց թիւը: Քանի որ, ժառանգի բաժանումը մայրական եւ հայրական ունեցուածքներու հաւաքածոյ է, հետեւաբար, գործընթացը ո՛չ միայն նիւթական, այլ նաեւ՝ բարոյական կողմեր ալ կ՚ընդգրկէ : Որպէս «Ճանթեմիր Ժառանգի Հետազօտական Ընկերութեան» աշխատակիցներ, ժառանգի լուծման շրջանին կը փորձենք ուղեկցիլ ձեր ընտանիքէն ներս ընթացող հոգեբանական իրավիճակին:
Ժառանգի Հետազօտութիւն
Կը լուծէ նման օրինակ հարցեր.
Այս հետազօտութիւները կ՚իրականանան տարբեր աղբիւրներու սերտողութեամբ։ Օրինակի համար՝ ուսումնասիրել տուեալ ընտանիքին անցեալը, ինքնութեան / բնակչութեան արձանագրութիւնները եւ կալուածատոմարները: Ժառանգութեան հետազօտական աշխատանքները հմտութիւն կը պահանջեն անշարժ գոյքի, իրաւունքի, պատմութեան եւ այլ ոլորտներէն ներս: Հետեւաբար, մէկ ոլորտի վրայ կեդրոնանալը կրնայ յետաձգել խնդիրներուն լուծումը՝ կորսնցնելով իրաւունքները:
• Ընտանիքի արմատներուն եւ պատմութեան ուսումնասիրութիւն
• Ձեր ընտանիքին պատկանող Օսմանական ազգաբնակչութեան եւ կամ կալուածագիր - փաստաթուղթերուն ժամանակակից թրքերէնի եւ այլ օտար լեզուներու թարգմանութիւն
• Կարդալով ձեր ընտանիքին անցեալի փաստաթուղթերը (օսմաներէն, արաբերէն, հայերէն, յունարէն), գրել ձեր ընտանեկան պատմութիւնն ու հետեւիլ ժառանգի գործընթացին
• Ստեղծել Տոհմածառ / Ծագումնաբանութիւն
• Տրամադրել ժառանգի մասին իրաւական խորհրդատուութիւն
• Կորսուած ինչքերու յայտնաբերում
• Գրել հողամասի սահմաները հաստատող թուականը
• Ամբողջացնել հողամասի նախկին սեփականութեան իրաւունքի փաստաթղթաւորումը
• Օսմանեան փաստաթուղթերը ընթերցել եւ տեղեկագրել
• Բնակչութեան եւ հողային գրանցամատեանին մէջ Օսմանեան փաստաթուղթերու վաւերականութեան մասին տեղեկագրութիւն յանձնել
• Վերլուծել Օսմանեան ժամանակաշրջանի հին փաստաթուղթերը
• Hukuk Ofislerinin Veraset ve Mülkiyet Dosyaları için Araştırma Raporları Yazma
• Mimarlık Ofislerine Eski Eser Parsellerde Kayıp Bina, Konum ve Bina Oturum Alanı Tespiti
• Vasiyetname Analizi ile Mülkiyet Sorunlarını Çözme
• Eski Arşiv Belgelerinin Dijital Ortama Aktarımındaki Aksaklıkları Düzeltme
• Vakıf Adına Tescilli ama Kurumun Bilmediği Mülkleri Tespit Etme
• Kentsel Dönüşüm Projelerinde Gaip Kişilerin Bulunması
• Osmanlı'dan Cumhuriyet'e Intikal Etmiş Tapu/Kadastro/Nüfus Belgelerini İnceleme
• Eski Tapu Kayıtlarındaki Tutarsızlıkları ve Belirsizlikleri Giderme
Որպէս «Ճանթեմիր Ժառանգի Հետազօտական Ընկերութիւն»,
2004 -էն ի վեր կ՚աշխատինք Օսմանեան կալուածագիրներու ուսումնասիրութեան եւ ժառանգի հետազօտութեան ծիրերէն ներս: Այսպէս, մշակած ենք իւրայատուկ ծրագրակազմ՝ համախմբելով զանազան ու փորձառու մասնագէտներ մէկ յարկի տակ՝ դառնալով Թուրքիոյ ժառանգի հետազօտականառաջին ընկերութիւնը:
Ժառանգի մեր համապարփակ մօտեցումով ծառայութիւններ կը մատուցենք այն մարդոց, որոնք ունին հին կալուածագիր, հին քաղաքացիութիւն, կամ անոնք, որոնք կը փափաքին գտնել, կամ թէ փաստաթղթաւորել իրենց կորսուած ինչքը: Ինչպէս նաեւ լուծումներ կը գտնենք այն հիմնարկներուն, որոնք չեն կրնար օգտուիլ իրենց կալուածներէն ինչ-ինչ պատճառներով: Նոյնիսկ, կը լուծենք անյայտ ժառանգորդներու պատճառով քաղաքային վերափոխման նախագիծերու պարագային բարդոյթներու հանդիպող քաղաքապետարաններու կամ կարավառական այլ մարմիններուն դիմագրաւած հանգոյցները:
Ձեզմէ ընտանեկան փաստաթուղթեր եւ լիազօրագիր ստանալով.
Իւրաքանչիւր ընտանիք եւ իւրաքանչիւր ժառանգ իւրայատուկ է, ուստի մենք սերտ կապեր հաստատելով ձեզի հետ, կը փորձենք լաւապէս հասկնալ ձեր պէտքերն ու ակնկալութիւնները:
Ձեր եւ ձեր ընտանիքին իրաւունքները եւ գաղտնիքներուն պաշտպանութիւնը մեր առաջնահերթութիւնն է:
Բծախնդիրօրէն աշխատելով, ձեզ կը տեղեկացնենք մեր իւրածփիւղ քայլափոխը՝ ստանալու համար ձեր կարծիքը, որոնք մեզի համար շատ կարեւոր են:
Մեր մասնագէտ փորձառու աշխատակազմը ձեզի թէ՛ կը տեղեկացնէ եւ թէ խորհուրդ կու տայ ժառանգի իրաւունքին առընչուող բոլոր հարցերուն շուրջ: Մենք կ՚առաջնորդենք ձեզ այս բարդ ու դժուարին գործընթացին։
• Օսման Սելահատտին Օսմանօղլու
• Էօմէր Ապտուլմեճիտ Օսմանօղլու
• Կոմսուհի Անկելա Հատէլին Տը Լիէտէքէրքէ Պոֆորթ
• Ռոզաննա Չուհաճեան
• Հիլա Աբիկօղլու
• «Տարուշաֆաքա Ճէմիյէթի»»
• «Անարատ Յղութիւն Հայ Կաթողիկէ Մայրապետներու Վանքի Եւ Վարժարանի» Հիմնարկ
• «Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Հայ Եկեղեցւոյ, Արամեան Ունճեան Վարժարանի Եւ Գերեզմանատան» Հիմնարկ
• «Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ Հայ Եկեղեցւոյ Եւ Վարժարանի» Հիմնարկ
• Պէպէքի Այա Հարալամպոս Եկեղեցի
• Հէյպէլի Կղզիի Այա Թրիատա Հիլլ Վանք
• Պալաթի Պալինօ Փանայա Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցի
• Գուրուչէշմէի Այա Տիմիդրի Եւ Այա Եանի եկեղեցիները
• Սամաթիոյ Այա Եորկի Գիփարիսա Յոյն Եկեղեցի
• Ֆէնէր Եօաքիմիօն Յոյն Աղջկանց Աւագ Վարժարան
• Հասգիւղի Արա Փարասքեւի Յոյն Եկեղեցի
• Պեշիքթաշի Ճիհաննումա Ս. Աստուածածին Եկեղեցի
• Պէյքոզ Փաշապահչէի Յոյն Համայնքի Եկեղեցի Եւ Վարժարան
• Օսման Սելահատտին Օսմանօղլու
• Էօմէր Ապտուլմեճիտ Օսմանօղլու
• Կոմսուհի Անկելա Հատէլին Տը Լիէտէքէրքէ Պոֆորթ
• Ռոզաննա Չուհաճեան
• Հիլա Աբիկօղլու
Ailenizin mülkiyet hikayesi, varsa mülkiyet evrakı ve vukuatlı nüfus cüzdan suretiyle bize başvurmanız halinde Cantemir Miras Araştırmaları olarak tarihi belgeleri okumayı ve analiz etmeyi bilen uzmanlarımızla ailenizin geçmişini araştırmanıza ve mirasınızı keşfetmenize yardımcı oluyoruz.
info@cantemir.com.tr
+90 (216) 428 11 00
Koşuyolu, Muhittin Üstündağ Cd. No: 11, 34718 Kadıköy/İstanbul
«Ճանթեմիր Ժառանգի Հետազօտական Ընկերութիւն»-ը կ՚ուսումնասիրէ Թուրքիոյ մէջ ապրած կամ ապրող ընտանիքներու ընտանեկան ծառը, կը լուծէ ժառանգի հետ կապուած հարցերը եւ կը կառավարէ ժառանգի հետ առընչուող բոլոր գործընթացները։ Ան նաեւ, կը հետազօտէ այն գոյքերը, որոնց մասին ընտանիքները չեն գիտեր եւ կամ չեն կրնար անոնց հասնիլ։ Այդ տիպի ինչքերուն համար կը պատրաստէ տեղեկագրութիւն մը, որ կը ներկայացնէ այդ գոյքին նախկին սեփականատէրերը եւ իրաւական կարգավիճակը: Ինչպէս նաեւ, կ՚ամբողջացնէ կիսատ մնացած ընտանեկան ծառը, պաշտօնապէս կը հաստատէ ընտանիքի անդամները, միջնորդ կը հանդիսանայ, որ այն անձերը, որոնք նոյնիսկ եթէ ընտանիքի անդամ են, բայց եւ այնպէս, չեն երեւիր պաշտօնական արձանագրութիւններու մէջ՝ աւելցուին ու դառնան ժառանգորդ:
Ժառանգի հետազօտութիւնը կը պահանջէ աշխատիլ բազմաթիւ տարբեր ոլորտներու հետ միասին: Այսինքն, փաստաբաններ, կալուածագրային արխիւներու մասնագէտներ, հողաչափեր, ազգաբնակչութեան արխիւներու մասնագէտներ, անշարժ գոյքի գնահատողներ եւ այդ գործընթացները կառավարելու համար ֆինանսագէտներ՝ միասին կ՚աշխատին: Մեր գործընկերներուն հետ միասին, մենք Թուրքիոյ առաջին ընկերութիւնն ենք, որ կը մատուցենք նմանօրինակ ծառայութիւններ: Հետազօտական գործընթացները կ՚իրականանան մեր փորձառու յանձնակազմին կողմէ, որոնք գիտեն, թէ Թուրքիոյ ո՞ր արխիւին մէջ ինչպիսի տեղեկութիւններ կան: Բացի անկէ, կը գիտակցինք, որ կարգ մը ընտանիքներու մէջ վէճեր ծագելու հաւանականութիւնը կայ, քանի որ ժառանգի հարցը կը նշանակէ՝ յիշել անցեալը: Հետեւաբար, բծախնդրութեամբ կը կառավարենք այդ շրջանը: Որպէս «Ճանթեմիր Ժառանգի Հետազօտական Ընկերութիւն» վստահութեան շուքին տակ կը լուծենք ձեր բոլոր հանգոյցները:
«Ճանթեմիր Ժառանգի Հետազօտական Ընկերութիւն»-ը կ՚ուսումնասիրէ Թուրքիոյ մէջ ապրած կամ ապրող ընտանիքներու ընտանեկան ծառը, կը լուծէ ժառանգի հետ կապուած հարցերը եւ կը կառավարէ ժառանգի հետ առընչուող բոլոր գործընթացները։ Ան նաեւ, կը հետազօտէ այն գոյքերը, որոնց մասին ընտանիքները չեն գիտեր եւ կամ չեն կրնար անոնց հասնիլ։ Այդ տիպի ինչքերուն համար կը պատրաստէ տեղեկագրութիւն մը, որ կը ներկայացնէ այդ գոյքին նախկին սեփականատէրերը եւ իրաւական կարգավիճակը: Ինչպէս նաեւ, կ՚ամբողջացնէ կիսատ մնացած ընտանեկան ծառը, պաշտօնապէս կը հաստատէ ընտանիքի անդամները, միջնորդ կը հանդիսանայ, որ այն անձերը, որոնք նոյնիսկ եթէ ընտանիքի անդամ են, բայց եւ այնպէս, չեն երեւիր պաշտօնական արձանագրութիւններու մէջ՝ աւելցուին ու դառնան ժառանգորդ:
Ժառանգի հետազօտութիւնը կը պահանջէ աշխատիլ բազմաթիւ տարբեր ոլորտներու հետ միասին: Այսինքն, փաստաբաններ, կալուածագրային արխիւներու մասնագէտներ, հողաչափեր, ազգաբնակչութեան արխիւներու մասնագէտներ, անշարժ գոյքի գնահատողներ եւ այդ գործընթացները կառավարելու համար ֆինանսագէտներ՝ միասին կ՚աշխատին: Մեր գործընկերներուն հետ միասին, մենք Թուրքիոյ առաջին ընկերութիւնն ենք, որ կը մատուցենք նմանօրինակ ծառայութիւններ: Հետազօտական գործընթացները կ՚իրականանան մեր փորձառու յանձնակազմին կողմէ, որոնք գիտեն, թէ Թուրքիոյ ո՞ր արխիւին մէջ ինչպիսի տեղեկութիւններ կան: Բացի անկէ, կը գիտակցինք, որ կարգ մը ընտանիքներու մէջ վէճեր ծագելու հաւանականութիւնը կայ, քանի որ ժառանգի հարցը կը նշանակէ՝ յիշել անցեալը: Հետեւաբար, բծախնդրութեամբ կը կառավարենք այդ շրջանը: Որպէս «Ճանթեմիր Ժառանգի Հետազօտական Ընկերութիւն» վստահութեան շուքին տակ կը լուծենք ձեր բոլոր հանգոյցները:
Հետազօտութեան աշխատավարձքը կը տարբերի ըստ հետեւեալ տարրերուն՝ ընտանեկան ծառի ստեղծում, կալուածի մասին որոշ կապեր հաստատել կարգ մը անձնաւորութիւններու հետ, հողաչափութեան եւ կալուածագրային հետազօտութիւններու մէջ աշխատող պաշտօնեաներու թիւը, կալուածին կամ կալուածներուն քանակը եւ հետազօտուելիք վայրը: Քանի որ մեր ընկերութիւնը կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ, հետեւաբար Իսթանպուլէն ներս տեղի ունենալիք հետազօտական աշխատանքները աւելի արագ կ՚ իրականացնենք: Նշենք, որ յատկապէս Օսմանեան կալուածագիրներու եւ ազգաբնակչութեան ուսումնասիրութիւններն ու Օսմանեան փաստաթուղթերու թարգմանութիւնները ներառնուած են պահանջուելիք գումարին: Եթէ մենք գտած ենք կալուածը ու կապ հաստատած ձեզի հետ, այն ատեն ոչ մէկ գումար կը պահանջենք: Տոկոսային համաձայնութիւն մը կը կնքենք, ըստ ժառանգի իրաւական կարգավիճակի եւ սահմանուելիք արժէքի հիման վրայ: Իսկ եթէ դուք պիտի հոգաք ծախսերը, անոր հիման վրայ կ՚որոշենք տոկոսը: Երբ «Ճանթեմիր Ժառանգի Հետազօտական Ընկերութիւն»-ը հոգայ ծախսերը, աշխատանքի աւարտին կը ստանայ տոկոսային հաշիւ մը:
Մենք կանխավճար կը պահանջենք այն ընտանիքներէն, որոնք կը փափաքին հետազօտութեան տեղեկագրութիւն ստանալ։ Բայց, եթէ մենք գտած ենք կալուածը ու կապ հաստատած ձեզի հետ, այն ատեն ոչ մէկ գումար կը պահանջենք:
Ել-նամակի կամ հեռաձայնի միջոցով կրնաք մեզի հասնիլ: Եթէ Իսթանպուլ կ՚ապրիք, ուրախութեամբ ձեզ կը հիւրնկալենք մեր գրասենեակը։ Իսկ Իսթանպուլէն դուրս բնակող եւ կամ՝ այլ երկիր բնակողներուն հետ առցանց հարթակներու միջոցով հանդիպումներ կրնանք կազմակերպել:
Մենք կը սկսինք աշխատանքի՝ ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկուն մեզի բերանացի կամ թէ՝ գրաւոր փոխանցած ձեր ժառանգի գործընթացի մանրամասն տեղեկութիւններուն հիման վրայ: Մենք ձեզմէ կը խնդրենք փաստաթուղթեր, տեղեկութիւններ կամ լսումներ ընտանեկան կալուածին մասին՝ անշուշտ եթէ այդպիսի աղբիւրներ կան: Նաեւ,եթէ ձեր քով կը գտնուին անշարժ գոյքին վերաբերեալ տեղեկութիւններ՝ այդ ալ ձեզմէ կը խնդրեք . իսկ եթէ չկան, ապա կալուածին հետ առընչուած որեւէ տեղեկութիւնով (հասցէ, շրջան, փողոցի անուն...) կը սկսինք հետազօտական աշխատանքին:
Օսմանեան ժամանակաշրջանի ազգաբնակչութեան փաստաթուղթեր, բնակավայրեր, կալուածագիրներ, կալուածատուրքի ստացագիրներ, Հանրապետական ժամանակաշրջանի կալուածագիրի հետ կապուած փաստաթուղթեր, կալուածային եւ ընտանեկան ժառանգի հետ կապուած բոլոր տեսակի փաստաթուղթեր. օրինակ՝ ազգաբնակչութեան տնօրէնութենէն կամ «Է -Տէվլէթ»-էն առնուած ծննդեան փաստաթուղթի պատճէն, որ ցոյց կու տայ երեք սերունդի տեղեկութիւններ: Ինչպէս նաեւ՝ լիազօրագիր, որ կ՚արտօնէ մեզի, ձեր անունով ուսումնասիրել կալուածագրային եւ ազգաբնակչութեան արխիւները:
Աշխատանքին հետ կապուած բոլոր խնդիրները կը լուծենք ձեր կողմէն մեզի տրուած լիազօրագիրով:Ըստ մեր համաձայնութեան, գործընթացի ծախսերը մենք կը հոգանք: Կանունաւոր կերպով տեղեկագրութիւններ կը պատրաստենք ձեր գործընթացին վերաբերեալ:
Գտնել ձեր ընտանիքին չգտած կալուածը. գտնել ձեր ունեցուածքի բաժնետէրերէն եղող այդ անյայտ անձը / անձերը, կամ փարատել այն կասկածները, որ ունիք ձեր ընտանիքի նախկին կալուածին վերաբերեալ:
Շատ ատեն ժառանգի խնդիրները, նոյնիսկ ընտանիքի մէջ կը ներառեն գաղտնիքներ: Այդ իսկ պատճառով, կը ստեղծենք այնպիսի աշխատանքային կանոն, որ կը պաշտպանէ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին գաղտնիքը: Կ՚ոչնչացնենք ձեր կողմէն մեզի տրուած փաստաթուղթերու պատճէնները:
Անշուշտ, ուրախութեամբ ձեզ կը հիւրնկալենք մեր գրասենեակը։
Օսմանեան կամ Հանրապետական ժամանակաշրջաններուն, Թուրքիայէն ներս կալուած/ներ ունեցող թուրք, յոյն, հայ եւ հրեայ ընտանիքներուն մասին կը հետազօտենք
բաց աղբիւրներու (open source) միջոցով, մասնաւորապէս ՝ ընկերային ցանցերու միջոցով: Բացի այդ, շնորհիւ՝ Աթէնքի, Փարիզի, Ֆրանքֆուրթի, Լոնտոնի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի եւ Պոյնէս Այրէսի մեր գործընկերներուն, ունինք տուեալներու մեծ աւազան մը, որուն ընդմէջէն կը հասնինք մարդոց:
«Ճանթեմիր Ժառանգի Հետազօտական Ընկերութիւն»-ը հետեւելով ձեր անցեալի հետքերուն, կ՚օգնէ, որ գտնէք ձեր կորսնցուցած կամ մոռացուած ժառանգը՝ երաշխաւորելով, որ պիտի ստանաք ձեր իրաւունքները:
